2009-01-23 13:22:17

Պօղոսեան տարին` Պօղոս առաքեալի Թեսաղոնիկեցիներու Ա.եւ Բ. Թուղթը




Սուրբ Պօղոսի Թեսաղոնիկեցիներու Ա.եւ Բ. Թուղթը, հնագոյն Թուղթերն են ժամանակգրական կագրին։

Թեսաղոնիկեցիներուն Ա. Թուղթը եկեղեցւոյ կողմէն շատ կարեւոր գրութիւն կը նկատուի, որովհետեւ կը կազմէ քրիստոնէական առաջին վաւերաթուղթը, որ մեզի հասած է իր վերջնական հրատարակութեամբ։ Զատիկէն 20 տարի ետք միայն գրուած այս Թուղթը՝` մեծ վկայութիւն մըն է Աւետարանին կենսականութեան մասին։

Իսկ Թեսաղոնիկեցիներուն Բ. Թուղթը, զոր գրուած է դարձեալ 50 թուականին, թէեւ տարիներու ընթացքին ընդունուած չէր որպէս Պօղոսի կողմէն գրուած Թուղթ մը, սակայն այսօր՝` վիճաբանութեան ու տարակոյսի տակ չէ բոլորովին։ Հետեւաբար, այս Բ. Թուղթը կու գայ որպէս ամբողջացում առաջինին մէջ տրուած վարդապետական եւ յորդորական ուսուցումներուն։

Երկու Թուղթերը գրուած եւ կազմուած են յունական հին քաղաքին մէջ Կորնթոս, եւ ուղղուած են Ս. Պօղոսի կողմէ հեթանոսութենէն դարձող Թեսաղոնիկեցիներու Եկեղեցիին։

Այս երկու Թուղթերուն մէջ, առաքեալին միտքը կեդրոնացած է Քրիստոսի Յարութեան եւ անոր երկրորդ Գալուստին շուրջ, երբ Ան, փրկութիւն պիտի բերէ բոլոր հաւատացեալներուն ըլլան անոնք ողջ թէ մեռած։ Արդ, Թեսաղոնիկեցիներուն Ա. Թուղթին մէջ կը կարդանք շատ գեղեցիկ ընթերցում մը ննջեցեալներու մասին, որով Հայոց Եկեղեցին զայն զետեղած է Մաշտոցին մէջ, թաղման արարարողութեան համար։ Այս ընթերցումին մէջ ի յայտ կու այ Թեսաղոնիկեցիներուն մտահոգութիւնը ննջեցեալներուն մասին։ Անոնք կը կարծէին թէ ննջեցեալները պիտի զրկուին Քրսիտոսի Գալստեան տեսութենէն։ Ի տես ասոր, Պօղոս անոնց կու տայ ապահովութիւնը, թէ նախ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն, ապա անոնց պիտի միանան ապրողները, որոնք պիտի կերպարանափոխուին եւ ամէնքը պիտի ըլլան Տիրոջ հետ։

Չենք ուզեր, եղբայրներ, որ տգէտ ըլլաք ննջեցեալներու մասին, որպէսզի չտրտմիք ինչպէս ուրիշներ՝` որոնք յոյս չունին։ քանի կը հաւատանք թէ Յիսուս մեռաւ եւ յարութիւն առաւ, այնպէս ալ անոնք որ ննջեցինշ Աստուած զանոնք պիտի յարուցանէ Յիսուսի հետ։ Տիրոջ խօսքով կ՛ըսենք հետեւեալը. մենք որ ողջ մնացած պիտի ըլլանք Տիրոջ Գալստեան օրը, պիտի չկանխենք ննջեցեալները։ Որովհետեւ նոյնինքն Տէրը հրեշտակապետի ձայնին նշանով եւ Աստուծոյ փողին հնչիւմով, պիտի իջնէ երկինքէն եւ նախ յարութիւն պիտի առնեն անոնք որոնք արդէն ննջեցին ի Քրիստոս, ապա մենք, որ կենդանի մնացած պիտի ըլլանք, պիտի միանանք անոնց, պիտի վերանանք ամպերու վրայ, օդին մէջ՝` Տէրը դիմաւորելու եւ այնուհետեւ միշտ Տիրոջ հետ պիտի մնանք (Ա. Թես. 4, 13-17)։








All the contents on this site are copyrighted ©.